
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնն ու Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն ձգած հետեւանքները` երկրին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կացութիւններուն վրայ:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի Ժեմայէլի յանձնեց նամակ մը, որուն մէջ նշուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պաշտօնական կեցուածքը, որուն մէջ Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը վերահաստատուած էր, ինչպէս նաեւ ընդգծուած անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը` սահմանադրութեան համաձայն հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ուղղուիլ դէպի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն` կտրականապէս մերժելով այլընտրանքները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կատարելու վարկածը:
Ժեմայէլ վերջին այս վարկածը նկատեց անբնական:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ եւ Փլամպլի շեշտեցին, որ Լիբանանի միջազգային օժանդակութիւն տրամադրելու առումով փոխըմբռնումը առկայ է:


