ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ժողովուրդին կողմէ ընտրելու, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը Ս. Գիրք չէ, այլ` փաստած է իր ձախողութիւնը:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ կալուածներու ընդհանուր տնօրէն շէյխ Հիշամ Խալիֆէ կոչ ուղղեց մասնակցելու հանրապետութեան նոր միւֆթիի մը ընտրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Տար Ֆաթուայի մէջ 31 օգոստոսին 2014-ին:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանան կը շարունակէ գործադրել Սուրիա այցելած իւրաքանչիւր սուրիացի քաղաքացիէ գաղթական կոչուելու հանգամանքը չեղեալ նկատելու որոշումը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ան հանրապետութեան միւֆթիին դէմ իր պայքարին մէջ մինչեւ վերջ պիտի երթայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միխայել Տահեր յայտնեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն պարագային խորհրդարանը կը վերածուի ընտրող խորհուրդի մը եւ ոչ թէ օրէնսդրական:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար մաղթեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը շարունակէ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի գործած ուղեգիծով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մօտ պետական եւ սահմանադրական կառոյցներուն աշխատանքները խանգարելու նպատակ չկայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու ետին անկասկած քաղաքական ենթահող կը գտնուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ հանրապետութեան հզօր նախագահը կամ քաղաքական անձնաւորութիւնը պէտք է պաշտպանէ երկրին սահմանադրութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնեցին, որ Պըրրի շշմած է երեսփոխաններուն կողմէ խորհրդարանի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու ոճէն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ կան տուեալներ, որոնց համաձայն շրջանին մէջ տիրող տագնապը պիտի շարունակուի:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ եւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքաներու նախագահներ Ժորժ Ժրէյժ եւ Միշել Խուրի կոչ ուղղեցին ամէնէն արագ միջոցին Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ դատական իշխանութիւնները բացայայտած են, որ Քայիտան կ՛աշխատէր Լիբանանի մէջ ահաբեկչական արարքներ գործելու քայլերը վերակազմաւորել:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կողմէ պատրաստուած քուէարկողներու ցուցակները` հանրապետութեան նոր միւֆթիի ընտրութեան նպատակով, ապօրինի են:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդվզած է` աշխատավարձերու յաւելումի խորհրդարանական նիստը յաջողցնել չկարենալուն համար:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Թրիփոլիի մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքները ուղղուած են նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դէմ` նկատի ունենալով, որ երեք տարուան վարչապետի իր պաշտօնին ընթացքին ոչինչ կատարեց Թրիփոլիի համար:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն սուրիական վարչակարգին թեկնածուն է, ինչպէս նաեւ Իրան-Սուրիա-Հըզպալլա եռեակին թեկնածուն:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պիտի պայքարի 1960-ի երեսփոխանական ընտրութեան օրէնքին դէմ` Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքին նկատմամբ բուռն զօրակցութիւն ցուցաբերելով:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ այս հանգրուանին շատ կարեւոր է, որ կառավարութիւնը պահպանէ իր միասնականութիւնը` երկրին իշխանութիւնը ստանձնելու նպատակով:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ շեշտեցին, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ խորհրդարանը դարձեալ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է ներքին լիբանանեան մակարդակի վրայ կատարուի:
ԺԱՊՀԱԹ Նուսրայի զինեալներ երէկ առաւօտեան ժամը 2:00-ին Արսալի մէջ սպաննած են Պատաուի ընտանիքի անդամ երկու սուրիացի գաղթականներ, որոնք Քարա գիւղաքաղաքին մէջ ապաստանած էին: Ժապհաթ Նուսրայի անդամները Արսալէն առեւանգած են երկու այլ սուրիացիներ:


