Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի, նախկին նախարար Պասսամ Եամմինի եւ Թոնի Ֆրենժիէի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Հէյլ այցելեց նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի վերաբերող կարգ մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը եւ անոր արձանագրած յաջողութիւնը:
Հէյլ հաստատեց, որ Ուաշինկթըն համոզուած է լիբանանեան բանակին ու ապահովական կառոյցներուն առաքելութեան, եւ այդ պատճառով է, որ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ այդ կառոյցներուն եւ կը զինէ զանոնք:


