ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն շեշտեց, որ քաղաքական իշխանութիւնները կ՛անտեսեն Լիբանանեան համալսարանը եւ անոր դերակատարութիւնը: Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիական ընկերութեան, որպէսզի համալսարանին պահանջներուն նկատմամբ զօրակցութիւն ցուցաբերէ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ յայտնեց, որ ինք պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպում մը ունենալու նպատակով:
ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւններն ու խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ կը նախատեսուի, որ քաղաքական երկու թեւերուն միջեւ մօտիկ ապագային ստորագրուի փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու, նախքան ճշդուած 15 օրուան ժամկէտը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունենայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ շարժումի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն վաւերացնել պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները, եթէ պետութիւնը այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու կարողութիւն պիտի չունենայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքերու պարտադրումը խիստ մերժելի է:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին, նոյնիսկ եթէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մերժեն որդեգրել նախագահական ընտրութեան անոր թեկնածութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին քաղաքացիներուն իրաւունքը շնորհել` առանց զանոնք յաւելեալ տուրքերով բեռնաւորելու:


