Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Զատկուան Տօնէն Ետք . Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Պիտի Խստացնէ Իր Մագլցողական Քայլերը

April 17, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1604tsuytsԽորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին ընթացքին պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելման թղթածրարի վաւերացումը յետաձգելու իբրեւ հետեւանք, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը` նախագահութեամբ Հաննա Ղարիպի, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտի եւ Պետական պաշտօնեաներու խորհուրդի պատասխանատուներուն երէկ գործադրեց բողոքի նստացոյց մը Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ:

Խորհուրդը ընդգծեց, որ խորհրդարանը զիրենք յուսալքած է եւ իրենց իրաւունքներուն վերաբերող թղթածրարը փոխանցած խորհրդարանական յանձնախումբին:

Նշենք, որ բոլոր պետական վարժարանները, ինչպէս նաեւ կարգ մը անձնական դպրոցներ  երէկ մնացին փակ` գործադրելով Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կողմէ ընդհանուր դասադուլի եւ գործադուլի կոչը:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ շեշտեց, որ կրթական ներկայ տարեշրջանը վտանգուած է եւ պետական քննութիւնները լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին:

Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ դրամատուներուն կողմէ կատարուած այն հաստատումները, թէ կարելի չէ աշխատավարձերու յաւելումներուն ֆինանսաւորման ջանքերուն մէջ ներդրում ունենալ, անճիշդ տեղեկութիւններ են:

Ղարիպ շեշտեց, որ դրամատուներուն մտավախութիւնը այն է, որ անոնց ապահոված շահերը կրնան նուազիլ, «որովհետեւ անոնք աներեւակայելի շահեր կ՛ապահովեն», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը բաց պատերազմ յայտարարած է` աւելցնելով, որ Ս. Զատկուան տօնէն ետք մագլցողական քայլերը պիտի խստանան` հասնելով մինչեւ բաց գործադուլի:

Ղարիպ կոչ ուղղեց 29 ապրիլ 2014-ին ընդարձակ գործադուլ եւ դասադուլ մը գործադրելու, եթէ աշխատավարձերու յաւելումին թղթածրարը չվաւերացուի:

Նշենք, որ առաւօտեան բողոքի նստացոյց մը կատարուեցաւ նաեւ կրթութեան նախարարութեան դիմաց, ինչպէս նաեւ Սայտայի եւ Թրիփոլիի սերայներուն դիմաց:

Ուսուցիչներուն կողմէ կատարուած նստացոյցերուն կողքին մեծ թիւով նախարարութիւններու պաշտօնեաներ իրենց կարգին մասնակցեցան գործադուլին:

Նախորդը

Հէյլ Այցելեց Ֆրենժիէի Եւ Միւֆթի Շաարի

Յաջորդը

Պըրրի 23 Ապրիլին Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.