«Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մերձտնեսթրի չճանչցուած հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի անդամները մտադիր են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, Տումայի եւ Դաշնակցային խորհուրդին յղել ուղերձ մը, որուն մէջ պիտի խնդրեն ճանչնալ իրենց հանրապետութիւնը:
Մերձտնեսթրի երեսփոխանները կը հիմնուին ՄԱԿ-ի կանոնագիրքին մէջ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին եւ 2006-ին տեղի ունեցած հանրաքուէին վրայ: Օրին Մերձտնեսթրի բնակչութեան 97 առ հարիւրը արտայայտուած էր ի նպաստ անկախացման, ապա ի նպաստ Ռուսիոյ միացման:
Այս տարուան մարտի կիսուն Մերձտնեսթրի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Միխայիլ Պուրլան Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինին դիմած էր` Ռուսիոյ կազմ Մերձտնեսթրի մուտքի կարելիութիւն տալու խնդրանքով: Ատիկա տեղի ունեցած էր Խրիմի մէջ ծաւալած իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:


