Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տարակարծութիւններու Առկայութիւնը Մեզ Պէտք Չէ Խրտչեցնէ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

March 8, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան
Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ձեւակերպած «հրաշալի քառեակը» իսկապէս ձեւաւորուած է, Բարգաւաճ Հայաստան, Ժառանգութիւն, Հայ ազգային քոնկրես եւ ՀՅԴ իսկապէս կը ստիպեն արձագանգել դրուած հարցերուն: Ըստ Ռուստամեանի, եթէ քառեակը առայժմ չկարենայ ամբողջական օրակարգով համաձայնութեան գալ, ատիկա պիտի չխանգարէ, որ իրենք որոշակի քայլեր կատարելով առաջ երթան:

Ան խոստովանեցաւ, որ քառեակի քննարկումները հաշտ ու խաղաղ չեն անցնիր, ինչ որ Ռուստամեան առողջ կը նկատէ: «Տարակարծութիւններու առկայութիւնը մեզի պիտի չխրտչեցնէ: Ընդհակառակն, եթէ կան տարբեր մօտեցումներ, իսկ ատիկա բնական է…Հապա բազմակարծութիւնը ինչի՞ համար կարեւոր է ժողովրդավարութեան համար: Այդ բազմակարծութիւնը պէտք է ըլլայ, որ բանավէճերը տեղի ունենան առարկայական իմաստով», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:

Կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը ոչ իշխանական ուժերը կը քննարկեն տարեսկիզբէն, սակայն մինչեւ հիմա յստակ նախաձեռնութեամբ հանդէս չեն եկած:

Ռուստամեան նշեց, որ այս, որ հարցը տակաւին օրակարգի վրայ է: Ան նշեց, որ ասիկա մեծ ծրար է եւ իր մէջ կը ներառէ ընդհանրապէս երկրի վիճակին գնահատումը` միասնաբար, եւ անկէ դուրս գալու ելքերու առաջարկումը` դարձեալ միասնաբար: Ռուստամեան շեշտեց, որ պէտք չէ միայն վատ է ըսել, բայց պէտք է նաեւ ըսել, որ ինչպէ՛ս կը պատկերացուի այդ վիճակը փոխել:

1 մարտի հանրահաւաքին Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան անդրադարձած էր նաեւ ամբողջական իշխանափոխութեան (որուն կը ձգտէր Քոնկրեսը) հարցին` խորհրդարանին մէջ Քոնկրեսի հետ  համագործակցող Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Ժառանգութեան եւ ՀՅԴ-ի ծրագիրներուն մասին ըսելով, որ անոնք հակուած են «փուլային, հանգրուանային» լուծման, այսինքն` նախ պարտադրել կառավարութեան հրաժարականը եւ անկէ ետք միայն մտածել նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին:

Ռուստամեան յայտնեց, որ ամբողջական իշխանափոխութեան մասին չորս ուժերու հանդիպումներուն ընթացքին կը խօսին, պարզապէս համաձայնութեան չեն եկած: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը հասկնայ Դաշնակցութիւնը ամբողջական իշխանափոխութիւն ըսելով, ան ըսաւ. «Չենք ըսեր` դուք լաւ չէք, հեռացէ՛ք: Ատիկա չենք ըսեր: Մենք կ՛ըսենք, որ երբ նորը գայ, ի՛նչ պէտք է չընէ»:

 

Նախորդը

Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Ցոյց` Հայաստանի Ելեւմուտքի Նախարարութեան Առջեւ

Յաջորդը

«Մենք Ցեղասպանութիւններու Կրկնութիւնը Կանխող Արդիւնաւէտ Մեքանիզմներու Կարիքը Ունինք» Կ՛ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.