«Դէմ եմ պարտադիրին» քաղաքացիական շարժման անդամները երէկ բողոքի ցոյց կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարարութեան մօտ, քանի որ նախարարութիւնը կը ստիպէ մարդոց ֆոնտեր ընտրել` ըստ էութեան ճնշումներ գործադրելով թէ՛ գործատէրերուն, թէ՛ աշխատողներուն վրայ:
Ցոյցին մասնակիցները փակեցին Նալբանդեան փողոցը, որուն պատճառով բախում տեղի ունեցաւ ոստիկաններուն եւ մասնակիցներուն միջեւ: Պարեկային ծառայութեան աշխատակիցները քանի մը մասնակիցներու բերման ենթարկեցին: Ոստիկանութիւնը չէր սպասեր, որ բողոքի ցոյցին մասնակիցները կը փակեն Նալբանդեան փողոցը: Միջադէպը յառաջացաւ, երբ ոստիկանները թոյլ չտուին բողոքի մասնակիցներուն մտնել նախարարութեան շէնք:


