Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Ցեղասպանութիւններու Կրկնութիւնը Կանխող Արդիւնաւէտ Մեքանիզմներու Կարիքը Ունինք» Կ՛ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան

March 8, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nalbandian_participated_in_Genocide_-High-Level-pannel-in-Geneva7 մարտին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ պատժումին մասին ուխտի 65-ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան քննարկման, որ գումարուած էր 2013 թուականին Հայաստանի նախաձեռնութեամբ Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւին համաձայն:

ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի նիստերու մեծ սրահին մէջ, Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի ղեկավար Պոտըր Նտոնկ Էլլայի նախագահութեամբ գումարուած քննարկման բացման խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Նաւի Փիլայ: Քննարկման հիմնական բանախօսներէն մէկն էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդական Ատամա Տիենկ:

Ելոյթ ունեցան շուրջ 50 երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք կարեւոր նկատեցին ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման վերաբերեալ միջազգային հանրութեան միասնական ջանքերու գործադրումը:

Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան մասնաւորաբար նշեց, որ հայ ժողովուրդը, իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրած ազգ, բարոյական խիստ պատասխանատուութիւն կը զգայ իր ներդրումը բերելու մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման ուղղուած միջազգային ջանքերուն: Նախարար Նալբանդեան երախտագիտութիւն յայտնեց այն բազմաթիւ անդամ պետութիւններուն, որոնք պատրաստակամօրէն իրենց աջակցութիւնը կը բերեն այս վեհ նպատակին ծառայող Հայաստանի տարբեր նախաձեռնութիւններուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի բանաձեւի բոլոր համահեղինակներուն. բանաձեւը ընդունուած է այս բարձր մարմինին կողմէ անցեալ տարի: Ըստ Նալբանդեանի, հակառակ այն փաստին, որ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուխտը ընդունուած է 1948 թուականին, սակայն անոր յաջորդած տասնամեակներուն, ներառեալ` վերջին տարիներուն, դժբախտաբար իրագործուած են նոր ցեղասպանութիւններ, մարդկութեան դէմ ուղղուած նոր ոճիրներ: Նախարարը աւելցուց, որ այս սարսափելի երեւոյթը Քամպոտիայէն Ռուանտա եւ Տարֆուր կը շարունակէ յամենալ:

«Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք ոչ միայն քննարկումներու, բանաձեւերու, հռչակագիրներու, ուխտերու, այլ նաեւ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը կանխող արդիւնաւէտ մեքանիզմներու կարիքը ունինք», շեշտեց նախարար Նալբանդեան:

 

Նախորդը

«Տարակարծութիւններու Առկայութիւնը Մեզ Պէտք Չէ Խրտչեցնէ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Տապլինի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Բարձրաստիճան Հանդիպումներ Ունեցաւ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.