Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՍՊԵԱՆ ԱՒԱԶԱՆ. ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԼԵՌՆԱՆԱՅ, ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ԽՕՍԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆԱՑՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ

June 28, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիա գրաւը կը բարձրացնէ Կասպից ծովուն մէջ, իր ծովուժը հզօրացնելու խօսքով: Այս քայլը կ՛արտացոլացնէ Մոսկուայի յուսախաբութիւնը` ծովուն սահմանները ճշդելու գծով հինգ կասպեան երկիրներու անկարողութեան հանդէպ:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն` 1991-էն ի վեր ծովեզերեայ այդ երկիրները` Ազրպէյճան, Իրան, Ռուսիա, Ղազախստան եւ Թիւրքմենիստան, չեն կրցած համաձայնիլ Կասպեան դաշինքի մը շուրջը, որ պիտի սահմանագծէր ծովը եւ արգելք պիտի հանդիսանար ատոր ռազմականացման: Զարմանալի չէ, որ տարածքային հարցին շուրջը շարունակուող անհամաձայնութիւնը այժմ կը քաջալերէ ներառուած երկիրները` ձեռնարկելու ռազմական պատրաստութիւններու, որպէսզի պաշտպանեն իրենց պահանջները:

Թիւրքենիստան փաստած է, որ անկայուն բանակցող գործընկեր է, բայց Իրանն է հիմնական խոչընդոտը: Թեհրան յամառօրէն կը պահանջէ հաւասար, 20 առ  հարիւրնոց բաժին մը ծովէն, թէեւ իրանեան ափերը կը կազմեն շատ աւելի նուազ տոկոսը կասպեան ծովեզերքին: Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Ղազախստանի զօրակցութիւնը վայելող բանաձեւով մը Իրան մօտաւորապէս 13 առ հարիւր բաժին պիտի ունենայ: Տարածքային հարցին լուծումը ճամբան պիտի հարթէ կասպեան աւազանին մէջ ուժանիւթի զարգացման, որուն շարքին` ընդծովեայ խողովակաշարին կառուցման:

2002-էն ի վեր, երբ հինգ պետութիւնները սկսան տարածքային հարցերու շուրջը «ըմբշամարտի», բանակցութիւնները անելի մատնուած են:

Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ նոյեմբերին գումարուած կասպեան վերջին վեհաժողովին ատեն կողմերը երեւութապէս համաձայնութիւն մը գոյացուցին, թէ ինչպէ՛ս շարունակել կասպեան օրինական պայմանադրութեան մշակումը: Բայց տեսակցութեան աւարտէն շաբաթ մը ետք Իրան ուրացաւ, ժխտեց նախնական դաշինքը` ըսելով, որ ատիկա չի ճանչնար վաւերականութիւնը ռուսական երկկողմանի համաձայնութիւններու (մէկը Ազրպէյճանի, իսկ միւսը` Ղազախստանի հետ), որոնք կը վերաբերին Կասպեան տարածքային հարցին:

Ըստ երեւոյթին Ռուսիա այժմ կը կարծէ, թէ զինուորական կառուցումը կամ ատոր սպառնալիքը կրնայ վերջ տալ անելին:

Մայիսի սկիզբը Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Սերկէյ Իվանով ըսաւ, որ ռուսական կասպեան 148-րդ նաւատորմիղը արդիականացման կարիքը ունի: «Նաւատորմը, որ այժմ Կասպից ծովուն մէջ կը գործէ, կարելի է բնութագրել իբրեւ ժամանակավրէպ եւ անմրցունակ», ըսած է Իվանով, ըստ «Ռիա-Նովոսթի» լրատու գործակալութեան: Նոյն աղբիւրը կը նշէ, որ Ռուսիոյ Կասպեան նաւատորմը շուտով պիտի ունենայ երկրորդ` «Ճեփարթ» դասակարգի արագընթաց յածանաւը, որ ընդունակ է հարուածելու մարտանաւեր, սուզանաւեր եւ օդային թիրախներ:

Կասպեան զինուորական կառուցումի մասին Իվանովի մեկնաբանութիւնները կը համապատասխանեն ռուսական ընդհանուր ջանքերուն` հզօրացնելու համար երկրի ծովուժին ռազմական հնարաւորութիւնները: Նախաձեռնութիւն մը, որ հիմնուած է ուժանիւթի  իր շահերը ոչ միայն Կասպից ծովուն, այլեւ Խաղաղական եւ Հիւսիսային Խաղաղական եւ Հիւսիսային սառուցեալ ովկիանոսներուն մէջ պաշտպանելու ցանկութեան վրայ:

Ռազմական խաղաքարտի, խաղաթուղթի օգտագործումը նոր չէ կասպեան շրջանին մէջ: Ռուսիա 2002 թուականին Կասպից ծովուն մէջ ռազմափորձեր իրականացուց եւ չորս տարի ետք առաջարկեց ռազմածովային ապահովութեան բազմակողմանի ուժ ստեղծել: 2002 թուականի ռազմափորձերուն նպատակն էր դրդել Իրանը, որպէսզի աւելի ճկուն ըլլայ բանակցութիւններու իր դիրքորոշումին մէջ, իսկ 2006 թուականի նախաձեռնութեան նպատակն էր փորձել զսպել Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան աճը, որ մասամբ նուաճուած էր Ազրպէյճանի եւ Ղազախստանի կասպեան պաշտպանական կարողութիւնները արդիականացնելու համար Ուաշինկթընի տրամադրած օգնութեամբ:

Ռուսական քայլերէն ոչ մէկը իր նպատակին հասաւ:

Ռուսական զինուորական կառուցումը եթէ նոյնիսկ ծրագրուածին պէս յառաջանայ` հաւանաբար հրահրելով սպառազինութեանց կասպեան մրցավազք մը, քիչ թիւով մասնագէտներ կը կարծեն, թէ ծովուն վրայ հակամարտութեան մը անմիջական հաւանականութիւնը կայ:

Սակայն կը թուի, թէ յստակօրէն ճշդուած սահմաններու բացակայութիւնը եւ ուժանիւթի եկամուտի հսկողութիւնը ներառող տարակարծութիւններն ու բանավէճերը բարձրացուցած են արկածով մը վայրագ դրուագի հնարաւորութիւնը:

Կասպեան դաշինքի մը շուրջը համաձայնելու անկարողութիւնը առնուազն պիտի շարունակէ արգելակել ընդծովեայ ուժանիւթային հարստութիւնները:

Նկատի առնելով բանակցային հոլովոյթին ցարդ արձանագրած ձախողութիւնը` ռազմականացման մղումը հասկնալի է: Բայց նաեւ անբաղձալի է, նոյնիսկ վտանգաւոր: Կասպից ծովը շրջան մը չէ, որ դիւրութեամբ կրնայ վարուիլ լարուածութեան վտանգաւոր մագլցումին հետ, մասնաւորաբար երբ նկատի առնուի Իրանի հիւլէական ծրագիրը:

ՍԹԻՖԸՆ ՊԼԷՆՔ

«Եուրէյժիանէթ»

Նախորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԵՒ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ

Յաջորդը

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ՍԱՌՑԱՀԱԼԸ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։