Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԵՒ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ

June 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դպրոցական-կրթական տարեփակի այս օրերուն ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կը հետեւինք մեր վարժարաններու ամավերջի հանդիսութիւններուն, ուր կը ներկայացուին իւրաքանչիւր վարժարանի կատարած աշխատանքները, ձեռք բերուած գնահատելի արդիւնքները:

Երեքշաբթի, 21 յունիս 2011-ին երեկոյեան ներկայ եղանք Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ամավերջի հանդիսութեան, «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հովանաւորութեամբ, նախագահութեամբ վարժարանի ազգային բարերար Ա. Գասարճեանի: Տեղի ունեցած հանդիսութիւնը ունէր յատուկ թեմայ մը` «Հայրենի հողին բարիքները», որ մեծատառ արձանագրուած էր բեմի ճակատին: Այս կապակցութեամբ յարդարուած էր բեմը մրգաստանի մը պատկերը ներկայացնող: Հոն կային Հայաստանի իւրայատուկ պտուղները ներկայացնող ծառեր` նռնենի, ծիրանի, խնձորենի, թթենի, որթատունկ-խաղողի արիշ եւ յարակից ծաղկաբոյր տեսարան: Այս յարդարանքը յիրաւի ինքնուրոյն մտայղացում մըն էր, որ ջանադիր աշխատանք եւ իրագործում կ՛ենթադրէր: Ակնահաճոյ էր, եւ հանդիսականը հայրենական մթնոլորտը փոխադրող հոգեշահ տրամադրութիւն ստեղծող:

Մանկապարտէզի մանուկները ներկայացուցին երգեր, պարային կշռոյթով շարժումներ` գեղեցիկ հագուստներով:

Մեր յիշած ծառերուն նուիրուած երգերն ու եղանակները առաւել  փայլ մը տուին հանդիսութեան: Նկատեցինք տարուած աշխատանքին հետաքրքրական եւ շինիչ խորքը, նոյնքան ուսանելի:

Մանկապարտէզի աշակերտներ վերածուած` թիթեռնիկներու, նապաստակներու եւ բազմատեսակ ծաղիկներու, յատուկ պատկերացումներով, գունագեղ եւ զարդարուն, գրաւեցին ուշադրութիւնը` ներկաներուն: Յստակ էր կատարուած աշխատանքին տարողութիւնը, որուն մէջ մեծ դեր ունէր բոլոր ուսուցիչներուն նուիրական աշխատանքը, յատկապէս` մանկապարտիզպան Անի Մալճեան-Կէօքօզեանի, որուն ժրաջանութիւնը բացայայտ էր:

Խմբական արտասանութիւններ եւ երգչախմբային կատարումները եղան տպաւորիչ: «Մանուկներու տարուան» առիթով արտասանութիւններ, հայակերտումի նպաստող պատգամներ, մեր բանաստեղծներու եւ երգահաններու գործերէն մէջբերուած կատարուեցան: Հետաքրքրական եղաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն կողմէ բեմադրուած «Շողգամը հողէն հանելու» գործողութիւնը:

Հերթը եկաւ տնօրէնութեան խօսքին: Վարժարանի նուիրեալ տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան ներկայացուց շնորհակալութեան խօսքը` ուղղուած Գասարճեան ընտանիքին, բարերարներուն, վարժարանին նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակող ազգայիններու: Ապա ան շեշտը դրաւ հայակերտումի օճախ հանդիսացող վարժարանին մէջ կատարուած աշխատանքներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարժարանի ուսուցչական կազմին` հետեւողական ջանքերուն համար: Աւարտին վարժարանի տնօրէն Ա. Աղասարգիսեան  յայտարարեց, թէ 2011-2012 տարեշրջանին համար եօթներորդ դասարանի «Աքսոր Գասարճեան» ֆոնտէն ամբողջական կրթաթոշակ կը ստանայ վեցերորդ դասարանի աշակերտ Գէորգ Գէորգ:

Զ. դասարանի ուղերձի ներկայացումէն ետք կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը` ձեռամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, որ իր օրհնութեան խօսքին մէջ գնահատեց վարժարանի տնօրէնին յօժարակամ աշխատանքը` առանց որեւէ ակնկալութեան: Սրբազանը շեշտը դրաւ «Կորուստ չունենալու» միտքին վրայ. յստակացուց, թէ այդ կորուստը կրնայ արձանագրուիլ եթէ օտար վարժարաններու յանձնենք մեր զաւակները, եւ հոն կորսուին: Կորուստը չի սիրուիր,- ըսաւ սրբազանը, հետեւաբար, պէտք չէ կորուստ ունենաք, այլ պէտք է բազմացնենք, աւելցնենք շահը առաւել տոկոսի հաշուով:

Այս առիթով Գեղամ առաջնորդ սրբազանը աշակերտներուն բաժնեց օրինակներ իր գիրքէն: Ապա տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահը տիկին Գասարճեանը, որ իւրաքանչիւր աշակերտի յանձնեց Աքսոր Գասարճեանի ինքնակենսագրութեան գիրքը, իբրեւ յիշատակ աքսորի ճամբաներէն փրկուած եւ ինքզինք կերտած աշխատասէր բարերար հայուն:

ԱՆՈՒԱՆԱՑԱՆԿ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ
Րաֆֆի Խաչատուրեան, Ժան Օղճաօղլի, Սելին Հաննէեան, Էմանուէլ Ճըտըրեան, Մեղրի Աղազարեան, Վրէժ Ժամլեան, Նարեկ Ունանեան, Շարպել Սահիուն, Քրիստինա Աւետիսեան, Հրակ Գէորգ, Շարպել Տըհնէ, Ճեսիքա Ժամկոչեան եւ Յովհաննէս Պահարեան:

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ
Յովհաննէս Սանոսեան, Ռիթա Ղայլունճեան, Սագօ Մելոյեան, Վարդինէ Պաղտօ, Նարեկ Տէմիրճեան, Փաթիլ Աղազարեան, Նարեկ Շարոյեան, Արմէնուհի Թէնէքէճեան, Ժանէթ Օհանեան, Սինթիա Դաւիթեան, Անժելինա Սարգիսեան, Գէորգ Գէորգ, Բալիկ Հապոյեան, Հուրի Գասպարեան, Ռիթա Տէկիրմէնճեան, Ռիթա Ղուսըն, Սեւան Գալայճեան եւ Նայիրի Շարոյեան:

Նախորդը

ՀԲԸՄ ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Յաջորդը

ԿԱՍՊԵԱՆ ԱՒԱԶԱՆ. ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԼԵՌՆԱՆԱՅ, ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ԽՕՍԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆԱՑՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։