Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կրնայ Հաստատել

February 20, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ukraine19022014Եւրոպայի ղեկավարները կը մտածեն Ուքրանիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին, որովհետեւ ամիսներէ ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերէն ետք վերջին օրերուն արձանագրուած  յոռեգոյն բռնարարքները 26 զոհ պատճառեցին:

Բռնարարքները ընթացք առին երեքշաբթի օր, երբ ոստիկանութիւնը փորձեց արմատախիլ ընել մայրաքաղաք Քիեւի մէջ հաստատուած ցուցարարներու ամրոցը:

Նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ ընդդիմութեան ղեկավարները ամբաստանեց, իսկ Ռուսիա յեղաշրջումի փորձի ակնարկեց, սակայն Եւրոպական Միութիւնը յայտնեց, որ  «բռնաճնշումին» ետին կանգնողներուն դէմ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ  խօսեցաւ «քաղաքական ղեկավարութեան» պատասխանատուութեան մասին, իսկ Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներ յայտնեցին, որ կասկած չունին, թէ դէպքերուն պատասխանատուները ուքրանական իշխանութիւններն են: Միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց, որ բռնարարքին պատասխանատուները «պիտի պատժուին», իսկ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ըսաւ, որ իրենք «տառապող մարդոց եւ կիներուն կողքին են»: Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ ըսաւ, որ նախագահ Եանուքովիչի «ձեռքերը արիւնոտ են»:

Մինչ Քրեմլին յայտնեց, որ տեղի ունեցածը «յեղաշրջումի փորձ է», Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ ընդդիմութիւնը ամբաստանեց ապօրինի միջոցներով իշխանութեան տիրանալ փորձելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը «չափը անցուց»` վստահեցնելով, որ «յանցաւորները պիտի պատժուին»:

Նշելէ ետք, որ «երկրին մէջ տագնապին վերջ տալու առիթ տակաւին գոյութիւն ունի», ան ըսաւ, որ «ընդդիութիւնը հայրենիքին սիրոյն զիջումներ պէտք է կատարէ»: Եանուքովիչ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց ծայրայեղականներէն հեռաւորութիւն պահելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ ընդդիմութեան զէնք ունենալու իրողութիւնը «վտանգաւոր հարց մըն է»:

Ուքրանական Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Սերկէյ Պուպքա Սոչիէն բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց վերջ տալու բռնարարքներուն, որոնք «մեր երկիրը աղէտի եզրին կը դնեն»:

 

 

 

Նախորդը

Մամետեարով. «ՕԹԱՆ-ի Զօրքերը Կրնան Աֆղանիստանէն Դուրս Բերուիլ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիին Միջոցով»

Յաջորդը

«Օժանդակութեանց Սուրիա Մուտք Գործելուն Որոշումը Պիտի Որդեգրուի Քանի Մը Օրէն» Ըսաւ Լաւրով

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.