
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Վրաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին շահագործումը շատ կարեւոր է ինչպէս տնտեսական եւ քաղաքական, այնպէս ալ շրջանի զարգացման առումով:
Մամետեարով յիշեցուցած է, որ 2015-ին ՕԹԱՆ իր զօրքերը պիտի հեռացնէ Աֆղանիստանէն, եւ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին միջոցով:
«Մենք քանի մը անգամ հանդէս եկած ենք նման առաջարկով: Մենք մեր դեսպանին յանձնարարած ենք քննարկել այդ հարցը ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութեան հետ: Առաջարկուած է, որ երկաթուղին օգտագործուի Աֆղանիստանէն ՕԹԱՆ-ի զօրքերուն հեռացման համար», ըսած է ան:


