
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնած է, որ «մարդասիրական օժանդակութիւններու Սուրիա մուտք գործելուն վերաբերեալ ՄԱԿ-ի որոշումին շուրջ համաձայնութիւնը կրնայ գոյանալ յառաջիկայ օրերուն», եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները հարցը «չքաղաքականացնեն»:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շեշտեց, որ «Իրան շատ հետաքրքրուած է Սուրիոյ իրադարութիւններով, եւ այդտեղ կացութեան կայունացումը մօտալուտ է»:


