Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ համացանցին վրայ Սուրիոյ մէջ մահացած ազրպէյճանցի զինեալներու մասին նոր տեսերիզ մը տարածուած է:
Սուրիոյ մէջ կռուող զինեալ խմբաւորումներու կայքին վրայ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին 27 ազրպէյճանցիներ, որոնք մահացած են Դամասկոսի շրջանին մէջ:
Թէեւ անոնցմէ մէկ քանիին սպաննուելուն մասին ազրպէյճանական կայքերուն վրայ տեղեկութիւն տեղադրուած էր, սակայն անոնց մեծամասնութեան մահուան փաստը մինչեւ հիմա անյայտ եղած է:
Սուրիոյ մէջ իրավիճակին սրումէն ետք Ազրպէյճանի քաղաքացիներ մեկնած են այնտեղ եւ սկսած են կռուիլ տարբեր ծայրայեղական խմբաւորումներուն շարքերուն մէջ:
Հաղորդուած է աւելի քան հարիւր ազրպէյճանցիներու մահուան մասին: Անոնցմէ շատերուն լուսանկարները տարածուած են ժիհատականներու կայքերուն վրայ:


