Սէուտական Արաբիա որդեգրեց օրէնք մը, ըստ որուն, կրօնական ծայրայեղական հոսանքներու պատկանողները, այդպիսի հոսանքներուն նիւթական կամ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերողները կը դատապարտուին երեքէն քսան տարուան բանտարկութեան:
Երեքէն քսան տարուան բանտարկութեան կը դատապարտուին նաեւ անոնք, որոնք արտասահմանի մէջ զինեալ տագնապներու կը մասնակցին:
Կազմուած է Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց, արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յանձնախումբ մը` ծայրայեղական հոսանքներու ցուցակի մը պատրաստութեան համար:


