
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ գերմանական «Ֆոնիքս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին դատապարտեց Ողջակիզումը եւ նշեց, որ անիկա «վայրագ սպանութեան ողբերգութիւն մըն էր, որ պէտք չէ կրկնուի»:
Նշենք, որ իրանեան նոր կառավարութիւնը բազմիցս ինքզինք հեռու պահեց Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի քաղաքականութիւններէն: Վերջինս հրապարակաւ քանի մը անգամ Ողջակիզումը ժխտած էր:
Խօսելով իր երկրին հիւլէական ծրագիրին մասին` Զարիֆ յայտնեց, որ Իրան պատրաստ է բանակցելու եւ կ՛ուզէ վերջ տալ դատարկ ոլորապտոյտին, ինչպէս նաեւ վստահութեան հաստատման համար բոլոր միջոցները օգտագործել: «Ի վերջոյ ուրիշներուն ապահովութիւնը մեր ալ ապահովութիւնը կը նկատուի», նշեց ան:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը իր երկրին հիւլէական ուժ օգտագործելու իրաւունքը ընդգծեց` նշելով, որ «լուծումներու կարելի է հասնիլ միայն համաձայնութեան գոյացման ճամբով» եւ աւելցնելով, որ «հրամաններու ենթարկուիլ պիտի չընդունինք»:
Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ
Համաձայնութեան Կարելի Է Հասնիլ
Վեց Ամիսէն
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ «հիւլէական տագնապին հարցով կարելի է համաձայնութեան հասնիլ վեց ամիսէն, եթէ բարի կամեցողութիւն ըլլայ»:
Զարիֆ յայտնեց, որ «մտահոգ չենք, որ Քոնկրեսը Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ կրնայ հաստատել, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա խոստացաւ ատոր ընդդիմանալ»:


