Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 4, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի շեշտեց, որ այս հանգրուանին ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու միտումը հակասահմանադրական է: Ան շեշտեց նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը կառավարութենէն կախեալ չէ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթի կայքին վրայ իր շաբաթական կեցուածքը արտայայտող յօդուածին մէջ նշեց հետեւեալը. «Առանց մեկնաբանութեան»:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի մօտիկ աղբիւրներէն, նշեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր հովանաւորութիւնը պիտի չընծայէ այն կառավարութեան, որ քրիստոնեայ համայնքին իսկական ներկայացուցիչները չ՛ընդգրկեր:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան սուղ կը վճարէ Հըզպալլայի սխալներուն պատճառով, հետեւաբար Հըզպալլայի հետ պէտք է վարուիլ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, որպէսզի երկիրը կայունանայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան պետութիւնը տեղեկութիւններ ունի պայթումները կատարող յանցագործներուն եւ անոնց մեղսակիցներուն ինքնութեան մասին, սակայն այդ իմաստով ոչինչ կը կատարէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի միջեւ հանդիպումը պիտի ըլլայ հիմնականը` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերջնականացնելու առումով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ազատականներու կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց Լիբանանը պայթումներու եւ ահաբեկչութիւններու թիրախ դարձնող արարքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի միջամտութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանան-Սուրիա սահմանները զսպել:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ առաջարկած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին յանձնել արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ կրթութեան կամ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս յայտնեց, որ ծայրայեղութիւնը կարելի չէ ծայրայեղութեամբ ջնջել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին մասնակցութիւնը Լիբանանի մէջ աղէտներ պիտի պատճառէ:

ԱՅՆ Թինէի աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ինքզինք չէզոք կը պահէ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ աշխարհին մէջ չկայ ուժ մը, որ կրնայ տապալել Դիմադրող այս ժողովուրդը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէի կողմէ հրապարակուելիք ճամբու քարտէսը վտանգի փողեր պիտի հնչեցնէ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրները յայտնեցին, որ Լիբանան կը գտնուի ներքին եւ շրջանային անկիւնադարձային հանգրուաններու դիմաց:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգելու հարցը տակաւին առկայ չէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը նախագահական ընտրութիւններու ժամկէտին մօտենալուն հետ ոչ մէկ ձեւով առնչուած է:

ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նոր կառավարութիւն մը յայտարարելու վերջին ժամկէտը հինգշաբթի, 6 փետրուար 2014-ն է:

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիա Արտասահմանի Տագնապներուն Մասնակից Իր Քաղաքացիները Պիտի Պատժէ 3-20 Տարուան Բանտարկութեամբ

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Համախմբող Կառավարութիւն Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.