Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ մեկնեցաւ Վատիկան, ուր պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ` ներկայացնելու համար Լիբանանի եւ շրջանի քրիստոնեաներուն պարզած ճիշդ պատկերը:
Զօր. Աուն հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:


