Շաբաթ, 11 յունուար 2014-ին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը Տըքուանէի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ հետեւեալ ակումբներուն ներկայացուցիչներուն.
Անթունիէ Պաապտա, Անսար, Եաաքուպ Ռիատի, Ժամհուր, Սըուտ, Մաան Լուպնան, ՀՄԸՄ Պէյրութ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ Պաթրուն Սթարզ:
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքէն ետք ներկայացուց օրակարգին վրայ եղող հարցերը, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղաւ ծրագրել եւ մշակել նոր տարեշրջանին տեղական, արաբական եւ միջազգային գետնի վրայ Լիբանանի մասնակցութեան հարցը` տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու:


