«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ 4 ամիս առաջ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու կողմէ առեւանգուած Յովհաննէս եւ Մինաս Լեւոնեանները սպաննուած են:
Յայտնենք, որ օրերս համացանցին մէջ լուսանկար եւ լուր յայտնուեցաւ, ուր կը նշուէր, որ սպաննուած է Մինաս անունով հայ երիտասարդ մը, որ հրաժարած է իսլամութիւնը ընդունիլ: Աւելի ուշ սակայն հերքուեցաւ լուրը եւ նշուեցաւ, որ խօսքը նոյն Մինաս Լեւոնեանի մասին չէ: Նաեւ կասկածի տակ առնուեցաւ այն հանգամանքը, որ սպաննուածը ընդհանրապէս հայազգի է:
Դամասկոսի Պաղեստինեան Եարմուք
Գաղթակայանը` Շրջափակման Ներքեւ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ մինչ բախումնային իրավիճակ կը տիրէ զինեալ խմբաւորումներուն եւ ընդիմադիր ջոկատներուն միջեւ երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, անցնող շաբթուան ընթացքին ապահովական զարգացում չէ արձանագրուած մայրաքաղաքին մէջ, սակայն տիրականը կը մնայ ելեկտրականութեան երկար ժամերու անջատումը, որ արդիւնք է հարաւային շրջանին մէջ գտնուող կազի մատակարարման խողովակին վրայ յարձակման:
Միւս կողմէ արձանագրուեցան հրթիռներու հարուածներ որոշ թաղերու մէջ` պատճառելով զոհեր եւ նիւթական վնասներ: Կը լսուին նաեւ թնդանօթի հարուածներու ձայները Քապունի եւ Ժոպարի մէջ:
Իսկ Դամասկոսի պաղեստինեան Եարմուք գաղթակայանը կը մնայ շրջափակման անլոյծ վիճակի մէջ` զանազան զինեալ կողմերու անհամաձայնութեան իբրեւ արդիւնք: Պաղեստինեան կողմերը կոչ ուղղած են երկխօսութեան դիմելու եւ միասնական ջանք թափելու գաղթակայանին մէջ շրջափակման մէջ մնացող քաղաքացիներուն սննդեղէն եւ դեղորայք հասցնելու համար:


