
Կառավարութեան կազմութեան հարցը վերստին օրակարգի վրայ դրուած է եւ խորհրդակցութեանց առանցքը կը կազմէ մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ կայացող քուլիսային թէ բացայայտ խորհրդակցութիւններու ընթացքին:
Նախագահ Միշել Սլէյման երէկ յետմիջօրէին Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրին հրատապ հարցերուն, յատկապէս` ապահովական ու քաղաքական իրավիճակին վրայ, վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, պատկերասփիւռի «Մանար» կայանին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ վճռական հանդիպում մը կը նախատեսէ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ` որոշելու համար կառավարութեան կազմութեան գծով իր յառաջիկայ քայլերը:`
Նոյն աղբիւրին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական խորհրդական հաժ Հիւսէյն Խալիլ գլուխ-գլխի խորհրդակցութիւն մը ունեցած է նախագահ Սլէյմանի խորհրդական Խալիլ Հրաուիի հետ: Խորհրդակցութեան առանցքը կազմած են նոր կառավարութեան կազմութեան նորագոյն ծալքերը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն երէկ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ համախմբումը նախանձախնդիր է կառավարութեան կազմութեան ճիգերը դիւրացնելու: «Բնականաբար մենք պահանջներ ունինք եւ դժուարութիւններ կան, սակայն մեր դիմաց լուրջ առիթ մը կայ» ընդգծեց Ալեն Աուն` նշելով, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը թեւակոխած է լուրջ քննարկման հանգրուանը:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ աշխուժ ճիգերու լծուած է այս ուղղութեամբ, Հըզպալլայի երեսփոխաններուն թելադրած է մեղմացնել իրենց կեցուածքը «հակադիր» կողմին` Մուսթաքպալ հոսանքի կեցուածքներուն գծով` առիթ տալու համար կառավարութեան կազմութեան ճիգերու արդիւնաւորման:


