
«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի Լոս Անճելըսէն ընտրուած դեմոկրատական երեսփոխան, նահանգային խորհրդարանի յատկացումներու յանձնախումբի նախագահ Մայք Կաթօ ներկայացուցած է օրինագիծ մը, որ կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղէ` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն:
«Էյ.Ճէյ.Առ.32» օրինագիծը կը յիշեցնէ Միացեալ Նահանգներու պատմութիւնը` կապուած «ինքնորոշման եւ ժողովրդավարական անկախութեան» ժողովուրդի իրաւունքին հետ:
Երեք հայկական կազմակերպութիւններ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի հայկական խորհուրդը եւ Միացեալ երիտասարդ հայերը արդէն իրենց աջակցութիւնը յայտնած են նախագիծին:
Մայք Կաթօ յայտնած է, որ օրինագիծի մշակման ժամանակ աշխատած է հայ համայնքին եւ անոր ներկայացուցիչներուն հետ, ապա աւելցուցած. «Ես յատկապէս պատիւ ունիմ ներկայացնելու այս օրինագիծը այն օրը, երբ աշխարհի հայերու ընտանիքները եւ սիրելիները կը տօնեն Ս. Ծնունդը»:
Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի երկու պալատներուն կողմէ որդեգրուելու պարագային, օրինագիծը պիտի փոխանցուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին ու Ներկայացուցիչներու տան քարտուղարութիւններուն, Ամերիկայի Քոնկրեսին մէջ Քալիֆորնիոյ պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն:


