Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:
Ըստ տեղեկատուական աղբիւրներու, Խալիլները նախագահ Սլէյմանի յայտնեցին, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը համաձայն են 8+8+8 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութեան:
Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ նախագահ Սլէյման պատրաստակամութիւն յայտնած է գործակցելու` համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու առումով, սակայն անհամաձայնութեան պարագային ան ոչ մէկ յանձնառութիւն յայտնած է կատարուած իրողութեան կառավարութեան կազմ մը չվաւերացնելու իմաստով:
Նախագահ Սլէյման աւելցուցած է, որ ինք երկիրը պիտի չյանձնէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան, եւ անհրաժեշտ է առնել քայլ մը, որ երկրին մէջ անիշխանութիւնը կը կանխարգիլէ:
Նշենք, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ներառող համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը վերսկսան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ջանքերով:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական կացութիւնը եւ Լիբանանը ցնցած վերջին երկու պայթումներուն հետաքննութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:


