Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՖԱԹՀ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀՅԴ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

June 22, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող` Պաղեստինի ազգային ազատագրական շարժումի (Ֆաթհ) պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ֆաթհի Միջազգային յարաբերութիւններու հարցերու համակարգող, Պաղեստինեան օրէնսդիր մարմինի անդամ, նախկին արտաքին գործոց նախարար Նապիլ Շաասի, երէկ այցելեց ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոն: Ֆաթհի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նոյն բաժանմունքէն Միասսար Ապու Շաուիշը եւ Ամին Ապպաս:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Միքայէլ Մանուկեան, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, Ընկերվար միջազգայնականի կիներու կազմակերպութեան մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիա Թիթիզեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ողջունելով Ֆաթհի պատուիրակութիւնը` Լեւոն Մկրտչեան անդրադարձաւ հայ-արաբական ջերմ յարաբերութիւններուն եւ պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին նկատմամբ ՀՅԴ-ի դրական կեցուածքին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-Ֆաթհ սերտ յարաբերութիւններուն, յատկապէս Ընկերվար միջազգայնականին մէջ: Լ. Մկրտչեան նշեց, որ ինքը Հայաստանի նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ 2000 թուականին պաշտօնապէս այցելած է Ռամալահ եւ հանդիպում ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարութեան հետ:

Հանդիպման ընթացքին Նապիլ Շաաս նկատել տուաւ, որ իրենց ցանկութիւնն է երկու բարեկամ երկիրներուն մէջ փոխադարձաբար դեսպանատուներ բանալ: Ան նաեւ ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն ներկայացուց պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապին ներկայ հանգրուանը եւ նշեց, որ Պաղեստինը սեպտեմբերին պիտի դիմէ ՄԱԿ` իր անկախութիւնը ճանչնալու խնդրանքով: Լեւոն Մկրտչեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն պատրաստ է միջազգային ատեաններուն մէջ աջակցելու պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի հարցի բանակցային ներկայ հանգրուանին, Պաղեստինի եւ Երուսաղէմի մէջ հայութեան իրաւունքներուն առնչուող հարցերու, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններու համագործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւններուն:

Նապիլ Շաաս ՀՅԴ ներկայացուցիչները պաշտօնապէս հրաւիրեց Պաղեստին:

Ֆաթհ շարժումի պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ գտնուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:

Նախորդը

7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԵՒԱՆԳՄԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ . ԷՍԹՈՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։