Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԵՒԱՆԳՄԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ . ԷՍԹՈՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ

June 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարը

Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Փայեթ երէկ երրորդ անգամ ըլլալով պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ` քննարկելու համար Պեքաայի մէջ անյայտ կորսուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն եւ անոնց ճակատագիրին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան կողմէ զբօսաշրջիկները որոնելու թղթածրարին առումով արձանագրուած մանրամասնութիւնները:

Փայեթ ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Փայեթ նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց երկկողմանի գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` բացայայտելու համար 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ճակատագիրը:

Վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Փայեթը, որ հանդիպումէն ետք ընդգծեց, թէ Լիբանան լրջօրէն կը հետապնդէ էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն հարցը եւ զանոնք ազատ արձակելու ջանքերը:

Փայեթ շեշտեց, որ այս ճիգերուն հիմնական նպատակն է էսթոնիացի զբօսաշրջիկները ազատ արձակել:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն համար էսթոնիացի առեւանգուած զբօսաշրջիկներուն հարցը կարեւորագոյնն է եւ առաջնահերթութիւն կը նկատուի:

Փայեթ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելի հետ:

Հանդիպումէն ետք Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իրենք ապահով եւ հանգիստ կը զգան 7 էսթոնիացի քաղաքայինները ազատ արձակելու առումով լիբանանեան պետութեան կատարած փնտռտուքին առնչութեամբ` աւելցնելով, որ լիբանանեան-էսթոնական երկկողմանի գործակցութիւնը հեզասահ կ՛ընթանայ այդ առումով:

Փայեթ մաղթեց, որ 23 մարտէն ի վեր առեւանգուած էսթոնիացիները ամէնէն մօտիկ ապագային տուն վերադառնան` շեշտելով, որ կարելի չէ փնտռտուքներուն մասին տեղեկութիւններ սպրդեցնել, որովհետեւ հետաքննութեան գաղտնապահութիւնը այս պարագային շատ կարեւոր է:

Փայեթ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ատնան Մանսուրի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Մանսուր յայտնեց, որ տակաւին կարելի չէ եղած ճշդել առեւանգուած զբօսաշրջիկներուն գտնուած վայրը:

Իր կարգին Փայեթ մաղթեց, որ լիբանանեան ապահովական մարմինները կարենան գտնել 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները եւ զանոնք ողջ առողջ վերադարձնել իրենց երկիրը:

Ան նշեց, որ Ֆրանսա,Գերմանիա եւ Թուրքիա իրենց կարգին կ՛օժանդակեն 7 էսթոնիացիներուն ճակատագիրը բացայայտելու աշխատանքներուն:

Փայեթ այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

 

Նախորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄՇԱԿՈՒՄԸ` ԳՐԵԹԷ ԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ

Յաջորդը

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՖԱԹՀ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀՅԴ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։