Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիել Քաչիան, որմէ ստացաւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս պապին պատգամը:
Քաչիա դատապարտեց Խաշըքժի մզկիթին մէջ միւֆթի Քապպանիի դէմ գործուած բռնարարքը:
Իր կարգին, միւֆթի Քապպանի դատապարտեց շրջանի տագնապներուն քրիստոնեաները միջամուխ դարձնելու երեւոյթը եւ յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ անոնց եկեղեցիներուն դէմ յարձակելու եւ հոգեւորականներն ու մայրապետները առեւանգելու արարքները:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթին ստացաւ իր դէմ գործուած յարձակումը դատապարտող հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանէն, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանէն, ինչպէս նաեւ ներկայ եւ նախկին քաղաքական անձնաւորութիւններէ, կրօնաւորներէ եւ զինուորականներէ:


