
Նախանցեալ երեկոյեան Ռիատի մէջ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Հոլլանտին Լիբանանին, լիբանանեան բանակին եւ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքներուն առիթով:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի` Լիբանանի ապահովական կայունութեան ողնաշարը նկատուող լիբանանեան բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած օժանդակութեան համար:
Նշենք, որ շուրջ քառասուն վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին Հարիրի եւ Հոլլանտ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Սուրիոյ զարգացումները:
Միւս կողմէ, սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Հարիրի դրուատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի առած արտակարգ քայլը` ընդգծելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կարելի է հիմնել իր հաստատութիւններով եւ հզօր բանակով, որ ի վիճակի է պաշտպանելու երկրին սահմաններն ու ազգային խաղաղութիւնը եւ գերիշխանութիւնը:
Հարիրի ողջունեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին յատկացուած աննախընթաց օժանդակութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը Սէուտական Արաբիոյ համար առաջնահերթութիւն է:


