ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին հրամանատարութիւնը լիբանանցիներէն խնդրեց Նոր տարուան գիշերը չկրակել:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ երբ Խաշըքժի մզկիթին մէջ լսած է իր դէմ կատարուած բացագանչութիւնները, իմացած է, որ կրնայ տեղւոյն վրայ սպաննուիլ եւ իբրեւ այդպիսին վստահած է Աստուծոյ:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ հասնիլ այն վայրկեանին, որ երկրին մէջ կատարեալ անիշխանութիւն տիրէ:
ՍԱՅՏԱՅԻ Նըժմէ հրապարակին վրայ գտնուող պայուսակի մը ականուած ըլլալուն մասին տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ մտան: Բանակի սակրաւորներուն կողմէ պայուսակին ստուգումէն ետք ի յայտ եկաւ, որ պայուսակը հագուստով լեցուած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք քաղաքական իշխանութիւն կը պահանջեն` նշելով, որ իրենց կեցուածքը հիմնուած է քաղաքական որոշ ծրագիրի մը վրայ:
ԸՍՏ լրագրական աղբիւրներու, լիբանանեան բանակին յատկացուելիք գումարը որոշ պայմաններ ունի. անոր պայմաններէն մէկը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումն է, իսկ միւսը` առանց Հըզպալլայի ներկայացուցչութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, բանակին զինման նպատակով կատարուած սէուտական օժանդակութեան պիտի հետեւի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ կատարուելիք նուիրատուութիւն մը:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խորհուրդ տուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին նոր Ամին Ժեմայէլի մը չվերածուելու եւ նախկին նախագահին սխալները չկրկնելու:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի աղբիւրներէն, կը գրէ, որ կառավարութեան կազմութեան մասին անոր կեցուածքը չէ փոխուած:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը Ռիատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին առաջնահերթութիւններէն մէկը եղած է:
ՎՍՏԱՀԵԼԻ աղբիւրներու համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի արտասանած խօսքը պիտի ըլլայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ծրագիրը` 2014-ի սկիզբէն սկսեալ:
ՄԱՐՏ 8-ի ուժերու քաղաքական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հաստատեցին, որ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան համար առնուած որեւէ քայլ ողջունելի է` աւելցնելով սակայն, որ նման նուիրատուութիւններ հարցադրումներ կը ստեղծեն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի սպանութեան դէմ լաւագոյն պատասխանը պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքին գոյութեան վերջ մը դնելը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմուի յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին:


