Ռուսիոյ Վոլկոկրատ քաղաքի երկաթուղային կայանին մէջ պայթումի մը պատճառով նախնական տուեալներով երէկ զոհուեցաւ 18 հոգի: Վիրաւորներուն թիւը կ՛անցնի 40-ը:
Ռուսիոյ ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէն հաղորդեց, որ պայթումը իրականացուցած է անձնասպան կին ահաբեկիչ մը:
Յարուցուած է քրէական գործ երկու յօդուածներով` ահաբեկչական գործողութիւն եւ զէնք-զինամթերքի ապօրինի շրջանառութիւն:


