Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկահայութիւնը Կը Պատրաստուի Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն

December 30, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ հակառակ զգուշաւոր հանդարտութեան եւ մերթ ընդ մերթ լսուող հրաձանաձգութեան ձայներուն, դամասկահայերը կը պատրաստուին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօները նշելու:

Իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք, Դամասկահայ շտապ օգնութեան մարմինը նախաձեռնեց դամասկահայ երեխաներուն ամանորեան նուէրներ պատրաստելու պարտականութեան: Նուէրներու գումարը գոյացած է համագործակցութեամբ Դամասկոսի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ գերմանական ՀՈՒՄԵՏԻՔԱ մարդասիրական ընկերութեան:

Շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ պատրաստուեցան 500 երեխայի մանկական սնունդ, քաղցրաւենիք եւ նուէրներ, որոնք պիտի բաժնուին Դամասկոսի հայկական վարժարանները յաճախող հայ աշակերտներուն` դամասկահայ մշակութային միութիւններուն կողմէ:

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով երեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի հանդիսաւոր սուրբ պատարագը: Պատարագիչն էր ժողովրդապետ հայր Գէորգ վրդ. Պահէեան, որ տուաւ նաեւ իր պատշաճ քարոզը այս առիթով: Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Քնար» երգչախումբին կողմէ: Իսկ չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագը մատուցեց Յովսէփ եպս. Առնաութեան. պատարագին ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ: Սուրբ պատարագի աւարտին ներկայ ժողովուրդը թափօր կազմած եւ «Քնար» երգչախումբի «Խորհուրդ մեծ» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ առաջնորդարանի դահլիճ, ուր շնորհաւորութիւններ ընդունուեցան:

Նոյն օրը, Հայ կաթողիկէ միութեան պատանեկանը կազմակերպած էր տօնական հանդէս մը, որ սուրբ պատարագէն ետք սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ «Ռ. Պասմաճեան» սրահին մէջ: Ուրախ մթնոլորտի մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ փոքրիկներու եւ ծնողներու, ՀԿՄ-ի ջահակիրներն ու պատանիները ներկայացուցին փոքրիկ յայտագիր մը` կատարելով երգեր, նուագներ ու արտասանութիւններ նուիրուած Ս. Ծննդեան ու Նոր տարուան: Իր սրտի խօսքը արտասանեց ժողովրդապետ հայր Գէորգ վրդ. Պահէեան` մաղթելով, որ խաղաղութիւնը շուտով հաստատուի Սուրիոյ մէջ եւ այս շէն գաղութը վերագտնէ իր կենսունակութիւնը: Կաղանդ պապայի ժամանումով փոքրիկներու ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին: Անոնք պարեցին եւ զուարճացան` պահ մը մոռնալով քաղաքին մէջ տիրող դժուար պայմանները: Կաղանդ պապան ներկայ փոքրիկներուն բաժնեց ՀԿՄ-ի խորհուրդին նուէրները եւ Դամասկահայ շտապ օգնութեան մարմինի պատրաստած սննդեղէնի եւ քաղցրաւենիքի ծրարները: Այսպիսով, լաւ տրամադրութեամբ վերջ գտաւ հանդէսը` խաղաղ եւ պայծառ գալիք օրերու ակնկալիքներով:

Նախորդը

Աւելին Պիտի Ընենք… Պատի՛ւ Մեր Բարերարներուն Եւ Կամաւորներուն

Յաջորդը

Անձնասպանական Գործողութիւն Վոլկոկրատի Մէջ. Տասնեակներով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.