Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժընեւ-2»-ը Կարելի Պիտի Չըլլայ Ճշդուած Ժամկէտին Գումարել» Ըսաւ Փաթրուշեւ

December 30, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիքոլայ Փաթրուշեւ
Նիքոլայ Փաթրուշեւ

Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Նիքոլայ Փաթրուշեւ յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կարելի պիտի չըլլայ ճշդուած ժամկէտին գումարել:

Մինչ այդ, երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու հարցին շուրջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, ՄԱԿ-ի եւ Քիմիական զէնքի կանխարգիլման միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ դռնփակ հանդիպում մը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ ժողովին բացումը կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով, իսկ ռուսական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան անվտանգութեան եւ ապազինման բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Ուլիանով եւ շողարձակ, քիմիական եւ բնագիտական պաշտպանութեան ուժերու փոխհրամանատարը, ինչպէս նաեւ ռուսական զինեալ ուժերու սպայակոյտէն ներկայացուցիչներ:

Ռուսիա–Սուրիա Քարիւղի Եւ
Կազի Մշակման Համաձայնագիր

Գերմանական «Տէօչը Վելը» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը Ռուսիոյ հետ Միջերկրական ծովուն մէջ քարիւղի եւ կազի հանքավայրերու մշակման վերաբերեալ համաձայնութիւն կնքած է:

Փաստաթուղթը ստորագրուած է 25 դեկտեմբերին` Դամասկոսի մէջ: Ըստ համաձայնագիրին, քարիւղի եւ կազի մշակումը պիտի կատարուի սուրիական ափերու մօտակայքը գտնուող 2190 քիլոմեթր տարածքին մէջ: 25 տարիով նախատեսուած համաձայնագիրը քանի մը ամիսներու բանակցութիւններու արդիւնք է: Նախագիծը կը գնահատուի աւելի քան 100 միլիոն տոլարով: Աշխատանքները պիտի ֆինանսաւորէ Ռուսիան:

Լարիժանիի Կեցուածքը` «Ժընեւ-2»-ին
Իրանի Մասնակցութեան Հարցէն

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի նշեց, որ «Իրան 22 յունուարին Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի մասնակցութեան վրայ չի պնդեր, եթէ անոնց մասնակիցները կրնան սուրիական տագնապը լուծել»:

Ան աւելցուց, որ «Ժընեւ-1»-ը գումարուեցաւ Իրանի բացակայութեան, սակայն տագնապի լուծման չնպաստեց, «ուստի պէտք չէ «Ժընեւ-2»-ին մասնակցութիւնը արտօնելով Իրանի լաւութիւն ընեն, այլ պէտք է անկէ պահանջեն, որ մասնակցի, որովհետեւ այսօր շրջանին մէջ ազդու դերակատարութիւն ունի»:

«Ամերիկացիները կը շարունակեն կրկնել «բոլոր ընտրանքները սեղանին վրայ են» խօսքը, մինչ եթէ քիչ մը ողջմտութիւն ցուցաբերեն բոլոր հարցերն ու հանգոյցները կը լուծուին», ըսաւ ան` շեշտելով, որ «վերջին տասնամեակին ընթացքին ամերիկեան վարմունքը պատճառ էր շրջանին մէջ ահաբեկչութեան տարածման»:

Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Նիքոլայ Փարուշեւ յայտնեց, որ Սուրիան պէտք է միացեալ երկիր մը մնայ, որպէսզի անոր հողամասերը հաւաքական քանդումի զէնքերու ծաւալման վտանգի ծաւալման մեկնակէտի չվերածուին, ինչպէս նաեւ շատ կարեւոր է արգելք հանդիսանալ, որ Սուրիան Քայիտայի խմբաւորումներու մնայուն ներկայութեան վայրի չվերածուի:

Ան ռուսական «Ռոսիսքայա Կազեթա» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջոցը Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի գումարումն է` աւելցնելով, որ Ռուսիա ամէն ջանք պիտի թափէ, որպէսզի 2012-ին գոյացած ժընեւեան համաձայնութիւնը գործադրուի:

Ան ըսաւ, որ ներկայիս վերջ գտած է սուրիական քիմիական զէնքի ոչնչացման գործողութեան առաջին հանգրուանը. այդ զէնքի արտադրման սարքերը ոչնչացուած են, իսկ յառաջիկայ հանգրուանին յաջորդ փուլին մանրամասն ծրագիրը պիտի ճշդուի:

Ան նշեց, որ ըստ միջազգային փորձագէտներու, սուրիական քիմիական զէնքի պահեստը աւելի քան հազար թոն թունաւոր նիւթ է:

 

Նախորդը

Անձնասպանական Գործողութիւն Վոլկոկրատի Մէջ. Տասնեակներով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Էրտողան Կեզիի Դէպքերուն Եւ «Փտածութեան Գայթակղութեան» Միջեւ Կապ Կը Տեսնէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.