Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք երեսփոխան Ալեն Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համախմբումը իր նիստին ընթացքին քննարկած է ապահովութեան ուժերը լիբանանեան բանակին հրահանգին տակ դնելու որոշումը` աւելցնելով, որ այդ որոշումը գոյացնելու առաջարկը Աքքարի դէպքերուն ընթացքին մերժուած էր կառավարութեան կողմէ:
Աուն շեշտեց, որ Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն 18-րդ փուլին ընթացքին միայն ոմանք սկսած են մտածել Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան մասին, այնպիսի ատեն մը, երբ արդէն քաղաքը պետութեան հրահանգէն դուրս կը գտնուի:
«Համախմբումը կը մաղթէ, որ այս որոշումը պակասաւոր եւ ուշացած չըլլայ», ըսաւ Ալեն Աուն:
Միւս կողմէ, Ալեն Աուն անդրադարձաւ Մաալուլայի մէջ մայրապետներու առեւանգումին մասին` շեշտելով, որ այս հաւանականութենէն համախմբումը միշտ ալ զգուշացուցած էր:
«Եթէ ոմանք չեն կրնար հանդուրժել մայրապետներուն կրած խաղաղութիւնն ու սէրը, ապա անոնք ինչպէ՞ս պիտի հանդուրժեն իրենց քաղաքական կեցուածքներէն տարբեր տեսակէտներ», հարց տուաւ ան:
Ալեն Աուն կոչ ուղղեց բոլորին դատապարտելու այդ միջադէպը` շեշտելով, որ անիկա վտանգ մըն է, որ կը սպառնայ քրիստոնեաներուն գոյութեան եւ անոնց ապագային:
«Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային բոլոր յարաբերութիւնները ի գործ դնելու եւ ազատ արձակելու առեւանգուած մայրապետները», եզրափակեց Ալեն Աուն:


