
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ յատկապէս Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քարամէ կոչ ուղղեց կազմելու նոր կառավարութիւն մը, որովհետեւ Լիբանան ի վիճակի չէ անիշխանութեան կացութիւն մը հանդուրժելու:
«Եթէ քանի մը ամիսէն լուրջ հարցեր դիմագրաւող այս երկիրը հանրապետութեան նախագահ չունենայ եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեամբ շարունակէ, ապա ինչպէ՞ս այս երկիրը պիտի գոյատեւէ», հարց տուաւ ան:
Քարամէ դրուատեց Պըրրիի կողմէ Թրիփոլիի մէջ կայունութիւն հաստատելու ծրագիրին զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուատեց Թրիփոլին բանակին յանձնելու որոշումը:
Քարամէ զարմանք յայտնեց, որ կարգ մը կողմեր մերժած են այդ որոշումը` շեշտելով, որ անոնք պէտք է գիտնան, թէ լիբանանեան բանակն է Թրիփոլիի կացութիւնը ստանձնողը եւ ոչ թէ որեւէ այլ բանակ:
«Յաջողութիւն կը մաղթենք բանակին իր ստանձնած այս առաքելութեան համար, որովհետեւ Թրիփոլիի հարցին լուծման այլ միջոցներ չկան: Իսկ կառավարութիւնը Թրիփոլիի օրակարգով արտակարգ նիստ մը պէտք է գումարէ, որովհետեւ եթէ Թրիփոլիի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը երկար տեւէ, ապա կրնայ միայն այդ քաղաքին մէջ չսահմանափակուիլ», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ:


