
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած` Լիբանանի օժանդակութիւններ յատկացնելու թեմային յատուկ նիստերուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Տէյվիտ Փարակուանաթը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ Լիբանանի զօրակցութեան համար:
Փարակուանաթ նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց ատեանին տարած աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին պիտի սկսին ատեանին կատարելիք դատավարութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Նաամթալլա Ապի Նասըր եւ Նեպիլ տը Ֆրէյժ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ:


