ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի կատարած յայտարարութիւնը` բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազին մասին, կը խոչընդոտէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին մասին ինք ոչինչ ունի փոխանցելիք:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց` ամրապնդելու լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը պարփակէ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերը:
ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Լիբանան միայն իր միասնականութեամբ եւ ուժի աղբիւրներուն պահպանումով է, որ պիտի կարենայ դիմակայել զինք հարուածող փոթորիկին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզ ընդգծեց լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան ներկայ կազմուածքը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը եւ քարիւղի մարզին տնօրինումը կառավարութեան պարտականութիւններն են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս անհաւանական նկատեց, որ Սէուտական Արաբիան ըլլայ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը խոչընդոտող կողմը: Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ տարակարծութիւնը թեքնիք բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ այդ տարակարծութիւնը կը վերաբերի քարիւղի մարզին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանը կարելի չէ զետեղել ամերիկեան-իրանեան հաւանական համաձայնութեան մը գոյացման սպասող վիճակին մէջ: Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ վարչապետ Թամմամ Սալամին` արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հարաքէ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի չըլլայ կառավարութիւն մը կազմել, որովհետեւ այդ իմաստով Սէուտական Արաբիայէն դրական նշոյլներ չկան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի մտավախութիւն յայտնեց այն մասին, որ Հըզպալլա իր զէնքը օգտագործէ` լիբանանցիները դէպի անիշխանութիւն մղելու նպատակով:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ օրերուն հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Աւստրալիա:


