Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ ապահովական վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապատի յայտնեց, որ Իրանի նախագահական ընտրութիւններէն ետք Իրան կը գտնուի նոր հանգրուանի մը մէջ` աւելցնելով, որ մարմնակրթութեան մարզի իրանցի նորանշանակ պատասխանատուները փափաք յայտնած են Լիբանանի հետ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու:
Քարամէ իր կարգին նշեց, որ քննարկուեցան երկկողմանի արարողակարգային համաձայնագիրները վերամշակելու կարելիութիւնները:
Քարամէ իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը իր իշխանութիւնը պէտք է բանեցնէ Թրիփոլիի մէջ` ողջունելով ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի որդեգրած ապահովական ծրագիրին որդեգրումը:


