Քիմիական զէնքի տարածումը արգիլող կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Ազմուճու յայտնեց, որ` «Սուրիա 14 հոկտեմբերին պիտի միանայ կազմակերպութեան»: Ան նշեց, որ` «սուրիական (քիմիական) զէնքերու ոչնչացման աշխատանքը պէտք է աւարտել 2014¬ի կէսին»:
Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման շուրջ Լա Հէյի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան նշեց, որ` «սուրիական կառավարութիւնը իր մօտ եղածը բացայայտեց եւ գործակցութիւն ցուցաբերեց, ինչպէս նաեւ իր զէնքերուն գտնուած վայրերուն քարտէսները մեզի յանձնեց, իսկ մասնագէտները այդ տեղեկութիւնները կը ստուգեն»: Ան ըսաւ, որ` «տակաւին յառաջիկայ օրերուն հետաքննելու քսան վայրեր ունինք»:
Ան աւելցուց, որ` «Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեցինք` մեզի հետ համագործակցելու եւ մեր առաքելութեան լաւ աւարտին իրագործման մասնակից դառնալու»` շեշտելով, որ` «սուրիական զէնքերու ոչնչացումը բոլոր կողմերու շահերէն կը բխի, եւ եթէ բոլորը որոշ գործակցութիւն ցուցաբերեն ատիկա լաւ կ’ըլլայ»:
Միւս կողմէ, ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Կիրասիմով յայտարարեց, որ ռուսական բանակի ղեկավարութիւնը կը զօրակցի սուրիական քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու վերաբերեալ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին եւ կ’աջակցի Սուրիոյ տագնապի խաղաղ եւ առանց արտաքին միջամտութեան լուծման:
Ան բրիտանացի իր պաշտօնակից Նիքոլաս Հոթոնի հետ Մոսկուայի մէջ հանդիպումէն ետք շեշտեց. «Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման միակ միջոցը քաղաքական ուղին է»` նշելով, որ` «Ռուսիա պիտի շարունակէ օտար գործընկերներու հետ իր հանդիպումները այդ որոշումը գործադրելու համար»:
Հոթոն իր կարգին ծովահէնութեան դէմ պայքարին եւ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղ լուծման աջակցութեան մէջ Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան յաջողութիւնը մատնանշեց:
Մինչ այդ, Կոլանի մէջ իսրայէլացի երկու զինուորներ վիրաւորուեցան: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կայքէջին ճամբով հաղորդեց, որ իսրայէլացի զինուորները վիրաւորուած են, երբ սուրիական կողմէն արձակուած հրասանդային երկու ռումբեր Կոլանի բարձունքներուն վրայ ինկած են: Զինուորները թեթեւօրէն վիրաւորուած են:


