Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Քէյթլին Հայտըն ըսաւ, թէ սխալ են այն տեղեկութիւնները, թէ «մենք Եգիպտոսի յատկացուած ամերիկեան ռազմական բոլոր օժանդակութիւնները պիտի դադրեցնենք»: «Մենք յառաջիկայ օրերուն օժանդակութեանց տրամադրման ծիրին մէջ Եգիպտոսի հետ մեր յարաբերութիւններու ապագային մասին յայտարարութիւն պիտի կատարենք, սակայն ինչպէս Միացեալ նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ՄԱԿ¬ի Ընդհանուր ժողովին յայտնեց, օժանդակութեանց յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին», նշեց ան:
«Սի.Էն.Էն.»` յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատարի մը, հաղորդեց, որ Եգիպտոսի յատկացուած օժանդակութիւնները դադրեցնելու որոշում մը որդեգրուած է եւ այդ որոշումին մասին պիտի յայտարարուի յառաջիկայ օրերուն:
Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ապտելֆաթթահ Սիսի յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է Եգիպտոսի նախագահութեան իր թեկնածութեան առաջադրման մասին խօսելու համար:
Ան նշեց, որ` «Ռաֆահի մէջ եգիպտացի զինուորներուն դէմ կատարուած ջարդին գծով շարք մը մեղսակիցներ ձերբակալուեցան»` աւելցնելով, թէ այդ դէպքին մեղսակիցները 25¬30 անձեր են: Ան նախատեսեց, որ Սինայի մէջ եգիպտական բանակի գործողութիւնները յառաջիկայ հանգրուանին եւս շարունակուին` աւելցնելով, որ անցեալ հանգրուանին գոհացուցիչ արդիւնքներ ձեռք բերուած են:
Զօր. Սիսի զգուշացուց այն վտանգէն, թէ` «մեր մէջ թշնամի ստեղծել փորձող մը կայ»` աւելցնելով, որ «Եգիպտոս կը դիմագրաւէ պատերազմական կացութիւն մը, որուն ընթացքին արտաքին լրատուական հարթակներէ ռմբակոծումի կ՛ենթարկուի»:
Եգիպտոսի վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի յայտնեց, որ Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան արգիլման դատական վճիռի հրապարակումէն ետք Եգիպտոսի նախարարաց խորհուրդի կազմած յանձնախումբին պարտականութիւնը այդ վճիռին գործադրութիւնն է: Ան նշեց. «Արձակուած դատական որեւէ վճիռ պէտք է գործադրուի, եւ Անմիջական հարցերու Գահիրէի դատարանի վճիռը ո՛չ միայն պէտք է գործադրուի, այլ նաեւ բոլորին համար պարտաւորութիւն մըն է»` շեշտելով, որ Իսլամ եղբայրներու արձանագրութեան ջնջումը բնական է, որովհետեւ, ըստ դատական վճիռին, այդ կազմակերպութեան գործունէութիւնը արգիլուած է, ուստի պէտք էր այդ որոշումը որդեգրել:


