
Ապակիի արտադրութեան «Սոլիվըր» գործարանի սեփականատէր Իզզաթ Քատտուրա երէկ Էշրեֆիէի «Լը Մայոն» ճաշարանին մէջ սարքեց ճաշի աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ, նախկին նախարար Ալեն Թապուրեան եւ «Սոլիվըր» գործարանի գործակից այլ գործարաններու սեփականատէրեր:
Հանդիպումին ընթացքին Քատտուրա ըսաւ, որ իրենք ոչ մէկ միտում ունին փակելու հաստատութիւնը կամ վաճառելու զայն, նոյնիսկ եթէ գործարանը իր ընթացքը վնասով շարունակէ:
«Լիբանանեան ճարտարարուեստին դէմ պատերազմ յայտարարուած է, սակայն մենք կը յուսանք, որ Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզը պիտի գոյատեւէ անոր գոյութեան յանձնառու նախարար Սապունճեանի ջանքերով», ըսաւ Քատտուրա:
Իր կարգին, Վ. Սապունճեան հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել փրկելու համար ապակիի, թուղթի եւ սննդեղէնի ճարտարարուեստը, ինչպէս որ կրցանք փրկել ալիւմինիոմի մարզը:


