Երէկ ի յայտ եկաւ, որ նախանցեալ օր հարաւային Լիբանանի Սարաֆանտ շրջանին մէջ քստմնելի ձեւով սպաննուած սուրիացի լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան Մոհամետ Տիրար Ժամմոյի սպանութեան դրդապատճառները քաղաքական չեն:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ժամմոյի սպանութեամբ բացուած հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն համաձայն, յստակ դարձած է, որ անոր սպանութիւնը քաղաքական դրդապատճառներու հիման վրայ չէ կատարուած:
Կը նախատեսուի, որ հետաքննութիւնը շարունակուի, եւ անոր բոլոր արդիւնքները փոխանցուին սուրիական իշխանութիւններուն:


