Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ երէկ խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ապահովական կեդրոնական խորհուրդին կողմէ կարգ մը երեսփոխաններու, որոնց մէջ նաեւ իր ապահովութեան համար տրամադրուած յաւելեալ զինուորներուն առաքելութեան վերջ տալու որոշումը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ ինք Ապահովական կեդրոնական խորհուրդը եւ ներքին գործոց նախարարը պատասխանատու կը նկատէ իր անձնական ապահովութեան:
Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն ընթացքին տրուած այս որոշումը ճիշդ քայլ մը չի նկատուիր, այլ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող անձնաւորութիւններուն ապահովութիւնը կը խաթարէ:
Աւելի ուշ, Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելէն, որ յայտնած է անոր, թէ թիւրիմացութիւն մը պատահած է եւ թէ ինք իբրեւ նախկին ներքին գործոց նախարար պիտի վերստանայ իր ապահովութեան հսկող զինուորները:
Միւս կողմէ, սակայն, Ապահովական կեդրոնական խորհուրդին հրապարակած որոշումը կ՛ընդգրկէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող այլ երեսփոխաններ, ինչպէս` երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Նետիմ Ժեմայէլ եւ Էլի Մարունի:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը հաստատեցին, որ ներկայիս նման որոշում տալու յարմար ժամանակը չէ` աւելցնելով, որ ոեւէ մէկուն փորձանքի ենթարկուելուն պարագային Ապահովական կեդրոնական խորհուրդն ու ներքին գործոց նախարարը պատասխանատու են:
Այս յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, Մարուան Շարպել հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ապահովական կեդրոնական խորհուրդին որոշումը կը վերաբերի միայն կարգ մը երեսփոխաններու տրամադրուած յաւելեալ զինուորներուն:


