Լիբանանեան ներքին կացութիւնը ամրապնդելու նպատակով նախանցեալ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ղազի Արիտի, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ եւ Հասան Ֆատլալլա եւ կուսակցական պատասխանատուներ Զաֆեր Նասեր եւ Ուաֆիք Սաֆա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով կառավարական այդ կազմէն քաղաքական ոչ մէկ կողմ դուրս ձգելու կարեւորութիւնը:
Անոնք շեշտեցին նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, լիբանանեան բանակը պաշտպանելու եւ իբրեւ երկրին կայունութիւնը երաշխաւորող հաստատութիւն անոր զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը:


