Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 19, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական աշխատանքներու յատուկ բարձրաստիճան զինուորական մը, որուն հետ քննարկեց երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ յառաջիկայ հանգրուանին երկու բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Լիբանան թիրախ կը նկատուի, եւ պէտք է զայն պահպանել վտանգէն ու ամրապնդել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթօ, հանդիպելէ ետք Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն համաձայնելու կառավարութեան մը շուրջ, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կ՛երաշխաւորէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամին պարտականութիւնն է կազմել ազգային հաշտութեան կառավարութիւն մը:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն մօտ ցանկութիւն կայ երկիրը սուրիական տագնապին մէջ ներքաշելու:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ երկրին մէջ արձանագրուող ապահովական շրջուն միջադէպերը Լիբանանի դէմ մեծ վտանգներ չեն սպառնար:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Ապրայի մէջ բանակին եւ պետութեան դէմ գործուած ոճիրին պատասխանատուն Մուսթաքպալ հոսանքն է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներէ, շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարի պաշտօնին պարագային արձանագրուելիք դատարկութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ վատ ազդեցութիւն կ՛ունենայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի ջանքերը անբաւարար են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Հըզպալլայի հետ խորհրդակցիլ եւ հարց տալ անոր լիբանանեան ազգային երկխօսութեան որոշումներուն կառչած մնալու առումով անոր յանձնառութեան մասին:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ պիտի կազմէ 24 չէզոք նախարար հաշուող կառավարութիւն մը:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ օդանաւեր երէկ առաւօտեան ժամը 1:30-ին ռմբակոծած են Արսալը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մէջ կայ 50 հազար զինեալ:

ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ներքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իրենք գրեթէ վստահ են Պուրկասի պայթումին գծով Հըզպալլայի մեղսակցութենէն:

 

 

Նախորդը

Փոր Սայիտի Մէջ Թուրքիայէն Ուղարկուած Զէնքեր Գրաւուեցան. Էրտողան Մերժած Է «Եգիպտոսի Օրինական Ներկայացուցիչ Չեղող» Պարատէյիի Հետ Խօսիլ

Յաջորդը

Հըզպալլայի Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Միջեւ Հանդիպում

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.