Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոր Սայիտի Մէջ Թուրքիայէն Ուղարկուած Զէնքեր Գրաւուեցան. Էրտողան Մերժած Է «Եգիպտոսի Օրինական Ներկայացուցիչ Չեղող» Պարատէյիի Հետ Խօսիլ

July 19, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի գիշեր յայտնած է, որ ինք մերժած է արտաքին յարաբերութեանց հարցով Եգիպտոսի փոխնախագահ Մոհամետ Պարատէյիի հետ հեռաձայնով խօսիլ, որովհետեւ Եգիպտոսի օրինական ներկայացուցիչ չէ:

Էրտողան Անգարայի մէջ իֆթարի մը ընթացքին յայտնած է, որ Պարատէյի ուզած է հետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ, սակայն ինք մերժած է` ըսելով. «Ինչպէ՞ս կրնամ հետդ խօսիլ: Դուն չընտրուեցար, այլ` յեղաշրջումի ղեկավարներուն կողմէ նշանակուեցար»:

Էրտողան աւելցուցած է, որ «անոնք ըսածներս չեն սիրեր եւ նեղութիւն կը զգան: Կ՛ըսեն, որ կարգ մը յայտարարութիւններ եւ գնահատականներ իրողութեան բաւարար ծանօթ չըլլալու արդիւնք են: Կ՛ըսեմ, որ այդ մէկը կրնանք հեռաձայնային հաղորդակցութեան ճամբով քննարկել»:

Իրան. «Մուրսիի Զօրակցելուն Պատճառով
Թուրքիա Կրնայ Տագնապի Մէջ Մխրճուիլ»

Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի նախագահ Հիւսէյն Նաքաւի երէկ յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը գաղափարախօսական դրդապատճառներով պաշտօնազրկուած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կը զօրակցի բանակին յեղաշրջումին հարցով, եւ Մուրսիի նկատմամբ զօրակցութեան շարունակութիւնը կրնայ Թուրքիան «տագնապ»-ի մը մէջ մխրճել:

Եգիպտոս. «Թուրքիա Պէտք Է Պատմական
Յարաբերութիւնները Կուսակցական
Նեղ Շահերէն Գերադասէ»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատըր Ապտելաթի յայտնեց, որ «Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները շրջանին մէջ առանցքային յարաբերութիւն են եւ պէտք է հիմնուած ըլլան փոխադարձութեան ու ներքին հարցերուն չմիջամտելուն վրայ: Թուրքերը պէտք է երկու երկիրներու պատմական յարաբերութիւնները կուսակցական նեղ շահերէն գերադասեն»:

Ապտելաթի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «եգիպտական դիւանագիտութիւնը Թուրքիոյ փոխանցեց իր ներքին հարցերուն անոր կողմէ կատարուած միջամտութեան Եգիպտոսի բուռն մերժումը, ինչպէս նաեւ թուրք պաշտօնատարներուն կողմէ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածը զինուորական յեղաշրջում նկատելուն մերժումը, որովհետեւ թրքական այս կեցուածքը իրենց կարծիքը արտայայտելու համար փողոց դուրս եկած միլիոններուն զգացումները կը վիրաւորէ»:

Մինչ այդ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Փոր Սայիտի մէջ եգիպտական մաքսատան իշխանութիւնները ձախողութեան մատնած են Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքէն եկած 12 մեթրնոց բեռնարկղի մը ճամբով զէնքերու մաքսանենգման փորձ մը:

Միւս կողմէ, Համաս շարժումը երէկ մերժեց եգիպտական այն ամբաստանութիւնները, ըստ որոնց, պաղեստինեան շարժումը Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներուն «Կրատ» տիպի հրթիռներ ուղարկած է: Եգիպտական իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ եգիպտական բանակը Սուեզի ճամբուն վրայ «Կրատ» տիպի 9 հրթիռներ գրաւած է: Համասի բանբեր Սամի Ապու Զուհրի «Մայատին»-ին յայտնեց, որ Կազայի կառավարութեան եւ Եգիպտոսի միջեւ կապը եգիպտական գաղտնի սպասարկութեան ճամբով էր եւ այդ կապը տակաւին կը գործէ:

Նշենք, որ Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրները երէկ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ Եգիպտոսի ներկայ տագնապին լուծման շրջագիծի առաջարկ մը ներկայացուցին` նշելով, որ ամէն բան բանակցելի է, ներառեալ` նախագահական ընտրութիւնը, պայմանաւ որ յեղաշրջումէն ետդարձ կատարուի:

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակի Գաղտնի Սպասարկութեան Պետը Ուաշինկթընի Մէջ «Էս-300»-ներու Հարցը Կը Քննարկէ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.