Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռամատանի իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսի, որ 3 յուլիսին անոր դէմ ժողովրդային ըմբոստութենէ մը ետք բանակին կողմէ պաշտօնազրկուեցաւ, Եգիպտոսի մէջ միակ օրինական նախագահն էր»:
«Ներկայիս Եգիպտոսի նախագահը Մուրսին է, որովհետեւ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած է», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ «ատոր հիմամբ ալ այդ պարագան նկատի չունենալը եգիպտացի ժողովուրդը անտեսել կը նշանակէ»:
«Մենք զինուորական յեղաշրջումէն բխող վարչակարգը պիտի յարգէինք, եթէ քուէատուփերու ճամբով յաղթանակ արձանագրէր», ընդգծեց Էրտողան:


