ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յառաջիկայ ուրբաթ օր սարքուելիք իֆթարի մը ընթացքին պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ երկրին վերաբերող կարեւոր հարցերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը Ռամատանի առիթով սկսած է կազմակերպել շարք մը իֆթարներ, որոնց ընթացքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիայէն ուղղակի պատկերասփռումով ճառեր պիտի արտասանէ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ օրէնսդրական լիագումարը, որ յետաձգուած էր վաղուան` երեքշաբթի, 16 յուլիսին, անհաւանական է, որ գումարուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը խանգարած են պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստը եւ արգիլած են պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընն ու բանակին սպաները` նիստին ընթացքին խօսելէ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները կրնան դժուարացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի մէջ պայթումներու ֆիլմաշարը շարունակուի նաեւ զգայուն այլ շրջաններու մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Ապրայի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ իր ունեցած բոլոր վիտէոները չէ ցուցադրած` զանոնք պահելով յարմար պահուն:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ ո՛չ Հըզպալլա եւ ո՛չ ալ ուրիշներ իրաւունք ունին Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դարձնելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պապ Թըպպանէի զինեալ խմբաւորումի պատասխանատու Սաատ Մասրի յայտարարած է, որ ինք վերջ պիտի տայ զինուորական իր գործունէութեան եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օժանդակելու Թըպպանէի բնակչութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ իրենք ոչ միայն Հըզպալլայի մասնակցութիւնը կ՛ուզեն բացառել կառավարութեան կազմէն, այլեւ` քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցութիւնը:
ՆԱԽ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն վստահութեան քուէ ընծայել այն կառավարութեան, որուն Հըզպալլա պիտի անդամակցի, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը կազմուի Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ: Ան հաստատեց, որ իրենք վստահ են Ապրայի բախումներուն Հըզպալլայի մասնակցութեան առումով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ապահովական ուժերուն միջեւ գործակցութեան` նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւնները: Սաատէ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւնները իրենց արտայայտած կեցուածքներուն գերին դարձած են եւ այդ պատճառով ալ կառավարութեան կազմութիւնը բաւական դժուար աշխատանքի վերածուած է:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրներէն, նշեց, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պառակտուած են, քաղաքական խուսանաւում մըն է, կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդին տիրանալու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ առանց Դիմադրութեան կառավարութիւն մը կարելի չէ կազմել: Ան աւելցուց, որ այս շրջագիծէն դուրս ընթացող բոլոր յայտարարութիւնները ապարդիւն են:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարուած են` կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ այժմ Լիբանան խիստ կարիքը ունի սահմանափակելու Հըզպալլայի գործունէութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Սամիր Ապի Լամահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իրենց յայտնած է, որ ինք հանգիստ կը զգայ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին առումով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ շեշտեց, որ բանակին կողմէ Ապրայի դէպքերուն մասին ցուցադրուած վիտէոներուն մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, թէ Ահմետ Ասիրն էր բանակին վրայ յարձակող կողմը:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Ահմետ Ասիր տակաւին Լիբանանի մէջ կը գտնուի, շեշտելով, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի գիտեն անոր թաքստոցը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ արձանագրուած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնք յանգած են երկուքին միջեւ դաշինքի մը գոյացումին:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ Ազգային նոր ուխտ մը գոյացնել կը նշանակէ Լիբանանը դէպի աւելի լաւը առաջնորդել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Հըզպալլա կ՛ենթարկուի քաղաքական յարձակումի մը, որուն նպատակն է զայն ջնջել քաղաքական քարտէսէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներուն համաձայն, Հըզպալլա պիտի չհրաժարի Սուրիոյ պատերազմին իր միջամտութիւններէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուսա կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական կեանքը դէպի դրական ելքեր ուղղելու:


