
Եգիպտոսի պետական դատախազը սառեցուց հարստութիւնը 14 իսլամական ղեկավարներու, որոնց շարքին են Իսլամ եղբայրներու ղեկավար Մոհամետ Պատիհ եւ անոր տեղակալը` Խայրաթ Շաթեր:
Եգիպտական բանակի սպայակոյտի պետ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի կիրակի օր արտասանած իր ճառին մէջ արդարացուց նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսին իշխանութենէն հեռացնելու քայլը եւ նշեց, որ որեւէ խմբակի քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը պիտի չարգիլուի: «Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ… պէտք է գիտակցի, թէ քաղաքական կեանքին մէջ բոլորին համար առիթ մը գոյութիւն ունի եւ գաղափարական որեւէ շարժում (քաղաքական կեանքին) մասնակցութենէն զրկուած չէ»:
Ան ըսաւ, որ Եգիպտոսի «զինեալ ուժերը ներկայացուցին ապագայի քարտէս մը, որ պարզապէս տագնապէն ապահով դուրս գալու առաջարկուած ծիր մըն է»:
Սիսի նշեց, որ «ապագայի քարտէսը կը ներկայացնէ միջոցառումներ, որոնք իշխանութեան անկողմնակալութիւնն ու ժողովուրդի ընտրութեան եւ որոշումի իրաւունքը կ՛երաշխաւորեն»:
Ան ըսաւ, որ զինեալ ուժերը յանձնառու դարձած են մէկ նպատակի` ժողովուրդի օրինականութեան հաստատման եւ անոր իրաւունքի վերատիրացման օժանդակութեան: «Զինեալ ուժերը սկիզբէն փափաք յայտնեցին, որ նախագահութիւնը ինք հանրաքուէի ճամբով ժողովուրդին դիմէ, սակայն նախագահութիւնը մերժեց», ընդգծեց եգիպտական բանակի սպայակոյտի պետը:
Մինչ այդ, Ազգային փրկութեան ճակատն ու Թամարրոտ շարժումը եգիպտացիներուն կոչ ուղղեցին այսօր եւ ուրբաթ օր Թահրիր ու Իթթիհատիյա հրապարակներուն վրայ հաւաքուելով հաւաքական իֆթար եւ սուհուր կատարելու` 25 յունուարի ու 30 յունիսի յեղափոխութեան եւ 3 յունիսին ազգային ուժերու համաձայնութեամբ գոյացած ճամբու քարտէսին ժողովուրդին կառչածութիւնը հաստատելու համար:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզ երէկ գիշեր անակնկալ այցելութեամբ Գահիրէ հասաւ: Այցելութիւնը Մուրսիի պաշտօնազրկումէն ետք ամերիկացի պաշտօնատարի մը կողմէ կատարուած առաջինն է: Պըրնզ անձնական օդանաւով Յունաստանէն հասաւ Գահիրէ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի եւ եգիպտացի շարք մը պաշտօնատարներու հետ:


