ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ նահանգի Անտիոք քաղաքին մէջ երէկ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ նոր բախումներ արձանագրուած են:
Մեծ թիւով ցուցարարներ քաղաքի կեդրոնին մէջ կազմակերպած են չարտօնուած բողոքի ցոյց մը, որմէ ետք հաւաքուածները սկսած են քարեր նետել ոստիկաններուն ուղղութեամբ:
Ցուցարարները քայլարշաւ կազմակերպած են, սակայն երբ ոստիկանները փակած են անոնց ճամբան, իրավիճակը սրած է: Ցոյցին մասնակիցները փորձած են ճեղքել ոստիկաններու կազմած շղթան, որմէ ետք ալ սկսած են անկարգութիւնները:
Տեղական պատկերասփիւռի կայաններն ու ընկերային ցանցերը կը յայտնեն, որ տասնեակ վիրաւորներ արձանագրուած են: Բողոքի ցոյցին պատճառ դարձած է քաղաքի 19-ամեայ բնակիչ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի մահը:
Երիտասարդը 2 յունիսին տեղի ունեցած անկարգութիւններուն պատճառով վէրքեր ստացած էր եւ 38 օր ետք մահացած` հիւանդանոցին մէջ:


