Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Շարունակէ Այսպէս Վարուիլ, Խաղաղութեան Հոլովոյթը Անդառնալի Կերպով Կրնայ Վնասուիլ» Կ՛ըսէ Քարայըլան

July 13, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուրաթ Քարայըլան

ՔԱԿ-ի ընդլայնուած ցանցը` Քրտական համայնքներու միութիւնը վերջերս իր ղեկավարութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելով Մուրաթ Քարայըլանը նշանակեց իր զինեալ թեւին` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու ղեկավար:

Քարայըլան իր նոր պաշտօնին ստանձնումէն ետք կատարած առաջին յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ անցեալ հոկտեմբերին սկիզբ առած քրտական հարցի լուծման հոլովոյթի ծիրին մէջ ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան մարտին ՔԱԿ-ի զինեալներուն հրամայեց Թուրքիոյ հողատարածքէն հեռանալ` աւելցնելով, որ վերջերս տեղի ունեցած Քոնկրա-Ճել-ի (Քիւրտ ժողովուրդի քոնկրես. «Ա.») ժողովին ընթացքին հասարակաց կարծիքը այն էր, թէ հոլովոյթը արգելակուած է: Ան ըսաւ, որ «եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարած կառավարութիւնը քայլ մը չկատարէ, հոլովոյթը յառաջիկային պիտի արգելակուի»` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբաթը քրտական հարցի լուծման հոլովոյթին համար վճռական է:

«Բանտերը քիւրտ քաղաքական գործիչներով լեցուն են: Ասոնք հոլովոյթը ճնշումի տակ կ՛առնեն: Բոլորը պէտք է հասկնան, որ յառաջիկայ շաբաթը շատ կարեւոր է: Եթէ թրքական կողմին վերաբերմունքը նոյնը մնայ, հոլովոյթը պիտի արգելակուի: Ներկայիս ամբողջապէս արգելակուած չէ, սակայն այդտեղ կ՛ուղղուի: Մենք կարճ ժամանակուան ընթացքին կը սպասենք քայլերու, որոնք մեզ պիտի համոզեն, եւ եթէ այդ քայլերը չառնուին ու հոլովոյթը արգելակուի, ապա պատասխանատուները իրենք պիտի ըլլան»:

Քարայըլան ըսաւ, որ թրքական բանակը կը շարունակէ արեւելեան ու հարաւարեւելեան մեծամասնութեամբ քրտական շրջաններուն մէջ ժողովուրդին վրայ ճնշում բանեցնել:

«Գիւղերու պահակներու համակարգը, որուն հիմամբ կարգ մը գիւղեր, ընդհանրապէս ամբողջ տոհմեր կը զինուին, պէտք է վերջ գտնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ համակարգը խաղաղութեան առջեւ հիմնական արգելք մըն է:

Նախորդը

Թուրք Ոստիկանները Անտիոքի Մէջ Ցրուած Են Հակակառավարական Ցոյց Մը

Յաջորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. Մալիքի Եւ Պայտըն Կը Քննարկեն Սուրիոյ Տագնապն Ու Շրջանային Զարգացումները

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.